2015-02-06 12:24:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 6 փետրուարի քարոզը` ''Այսօր՝ անթիւ քրիստոնեաներ կը նահատակուին՝ Յիսուսի հանդէպ ատելութեամբ լի մարդոց կողմէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաներու նահատակութիւնը չի պատկանիր միայն անցեալին, այլ նաեւ ներկային ուր բազմաթիւ քրիստոնեաներ թիրախ են Յիսուսի դէմ ատելութեամբ լեցուն մարդոց։
Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, ուրբաթ` 6 փետրուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը, ներշնչուած օրուայ աւետարանական ընթերցումէն ուր կը խօսուի Յովհաննէս Մկրտիչի նահատակութեան մասին։
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ Առաքեալը երբեք չուրացաւ իր կոչումը, Ան գիտակից էր իր միակ պարտականութեան, աւետելու Քրիստոսի յայտնութիւնը եւ ան զոհ ինկաւ՝ կաշառակերութեան ենթարկուած, ատելութեամբ եւ նախանձէ մղուած Հերովդէս թագաւորին։
Երբ կը կարդամ Յովհաննէս մկրտիչի աւետարանի այս հատուածը երկու բան կը մտաբերեմ.
Առաջին՝ մեր օրերու նահատակները, այրեր ու կիներ որոնք հալածանքներու ենթարկուած են ու բռնի կերպով իրենց տուներէն տեղահանուած են։ Այս մէկը՝ անցեալի չի պատկանիր այլ մեր օրերուն է որ կը պատահի։ Մեր նահատակներու կեանքը թիրախ է կաշառակերութեան մէջ մխրճուած իշխանութիւններու, որոնք կ՝ատեն նոյնիսկ Քրիստոսը։ Լաւ կ՝ըլլայ որ մտածենք մեր այսօրուայ նահատակներուն մասին հաստատեց Սրբազան Հայրը ու յայտնեց թէ Յովհաննէս Մկրտիչի նուաստացումը, մեծ ըլլալէն դէպի ոչնչութիւն, ինծի մտածել կու տայ, թէ բոլորս սոյն ուղիին վրայ կը գտնուինք։ Ուղին որ մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի հող՝ ուր բոլորս վերջ պիտի գտնենք։
Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզին աւարտին ըսաւ ''Բոլորս , կամայ թէ ակամայ կ՝ընթանանք կեանքի գոյութենական ոչնչացման ուղիին վրայ եւ այս մէկը՝ զիս անձնապէս կը մղէ աղօթելու՝ որպէսզի սոյն նուաստացումը կարելի եղածին չափ նմանի Յիսուս Քրիստոի նուաստացումին։







All the contents on this site are copyrighted ©.